2016-01-29 11:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 29 Յունուարի քարոզը` ''Աղօթենք որ կաշառառութեան մեղքի մէջ չիյնանք''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կարելի է մեղք գործել զանազան կերպերով ու բոլոր մեղքերուն համար կարելի է ներում հայցել Աստուծմէ, վստահ ըլլալով որ Ան մեզ պիտի ներէ. կաշառակերին հետ սակայն հարցը կը փոխուի, որովհետեւ կաշառակերը չի մտածեր ներում խնդրել, Ան կը վստահի այն իշխանութեան որուն վրայ կը հիմնէ կաշառառութիւնը '' Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ուրբաթ` 29 Յունուարի առաւօտեան­, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։

Նորին Սրբութիւնը օրինակ բերաւ Դաւիթ Մարգարէին պատմութիւնը ուր ան կը սիրահարուի իր մէկ զինուորի կնոջ եւ ապա կը ծրագրէ ու կը վճռէ անոր ամուսինը սպաննել։

Դաւիթ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, սուրբ է սակայն նաեւ մեղաւոր։ Ան  ''ցանկամոլութեան'' մեղքի մէջ կ՛իյնայ եւ ինքզինք այնքան զօրեղ կը զգայ որ իր այս մեղքը կ՛ուզէ արդարացնել մինչեւ իսկ վճռելով հաւատարիմ մարդու մը սպանութիւնը։

Դաւիթի կեանքին մէջ այս դրուագը ըսաւ Քահանայապետը մեզի ցոյց կու տայ այն պահը որ ամէնքս կրնանք ապրիլ. մեղքէն դէպի կաշառառութիւն անցքը։

Դաւիթ հոս կը սկսի իր ուղեւորութիւնը դէպի կաշառառութիւն. Ան ունի իշխանութիւն ու զօրք։ Ասոր համար կաշառառութիւնը դիւրին մեղք մըն է անոնց համար որոնք իշխանութիւն ունին, ըլլայ ան եկեղեցական իշխանութիւն, կրօնական, տնտեսական կամ քաղաքական իշխանութիւն։ Որովհետեւ Սատանան մեզ ապահով ու վստահ կը զգացնէ ու կը մտածենք ''այոյ կարելի է''։

''Կաշառառութիւնը պղծած էր այդ արի երիտասարդին սիրտը որ դիմադրած էր հսկայ Գողիադին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''կայ պահ մը ուր մեղքի վարժութիւնը, մեր ապահով իրավիճակի մէջ, կը դադրի մեղք ըլլալէ ու կը դառնայ կաշառառութիւն։ Եւ կաշառառուի ամէնէն յետին երեւոյթը ան է որ ան կարիք չունի ներում հայցելու''։

Աղօթք բարձրացնենք Եկեղեցւոյ համար, սկսեալ մեզմէ, Քահանայապետին, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու բոլոր կրօնաւորներուն եւ աշխարհական հաւատացեալներուն. Տէր փրկէ մեզ, փրկէ մեզ կաշառառութենէն։ Մեղաւոր ենք այո՛ Տէր, ամէնքս մեղաւոր ենք, բայց ոչ կաշառառներ'' Քեզմէ կը հայցենք այս շնորհքը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը . 








All the contents on this site are copyrighted ©.